Share

cover art for  Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։

Բազմազան Արեւելքներ

Ի՞նչ դեր եւ ի՞նչ վկայութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցին սփիւռքեան կեանքին մէջ։

Season 1, Ep. 2

Ծայրագոյն վարդապետ Հայր Պարոյր Շէրնէզեան Լիբանանի Պիքֆայա Հայ Առաքելական Դպրեւանքի վերատեսուչն է։ Այս երիտասարդ հոգեւորականը կը վկայէ իր առաքելութեան եւ յանձնառութեան մասին՝ նուիրուած հաւատքի փոխանցմանն ու էկումենիզմին՝ արագ փոփոխուող աշխարհի մը մէջ։

More episodes

View all episodes

  • 6. «MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը

    43:46||Season 1, Ep. 6
    Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miasin» հարթակի հիմնադիր։
  • 5. Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր

    52:49||Season 1, Ep. 5
    Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան էջերը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս ոլորտին առնչուող անցեալի եւ արդի մարտահրաւէրները։
  • 4. Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը

    35:25||Season 1, Ep. 4
    Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։
  • 3. ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝

    42:49||Season 1, Ep. 3
    Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։ Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ
  • 1. ինչպէս՞ կը փոխուի սփիւռքը

    34:13||Season 1, Ep. 1
    Նորա Սարաֆեան-Թաչճեան լիբանանահայ կրթական մշակ մըն է, որ երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է սփիւռքահայ կրթութեան, մշակոյթի եւ փոխանցման հարցերուն մէջ։ Լիբանանի հայ կրթական միջավայրէն եկած՝ ան այսօր կը ղեկավարէ Ալֆորվիլի Հայ Մշակութային Տունը եւ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակութային կեանքի ակտիւ դերակատար։