Share

cover art for Բազմազան Արեւելքներ

Բազմազան Արեւելքներ


Latest episode

  • 9. Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ

    52:13||Season 1, Ep. 9
    Հայ սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր տեսաբաններէն մէկը՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը ներկայացնէ իր կեանքի ճանապարհը եւ կը բաժնէ իր վերլուծութիւնները հայ անդրազգի ներկայ վիճակին մասին։ Այս զրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնայ արդի ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ Արցախի կորուստէն մինչեւ պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս հազուագիւտ առիթ մըն է լսելու այն սփիւռքագէտին, որ քառասուն տարիներէ աւելի նուիրած է սփիւռքի ուսումնասիրութեան։

More episodes

View all episodes

  • 8. Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց

    47:49||Season 1, Ep. 8
    Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս 1991 թուականէն ի վեր ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժինի պատասխանատու է։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ լեզուաբան` ան իր կեանքը նուիրած է սփիւռքի մէջ վտանգուած այս լեզուին պահպանութեան եւ փոխանցման։ Հիմնադրած է Հայագիտական Միջազգային Մագիստրոսի ծրագիրը (IMAS) եւ ստեղծած է արդի գործիքներ՝ բառարաններ, քերականական ուղեցոյցներ, թուային տուեալներու հարթակներ։ Համալսարանի հայագիտական բաժինը վերածած է արեւմտահայերէնի ապաստարանի՝ ապացուցելով, որ տարածք չունեցող լեզու մը կրնայ ապրիլ գիտութեան եւ կրթական հաստատութիւններու միջոցով։Մագիստրոսի ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել այս կայքէջը.  https://www.inalco.fr/formations/master-international-en-etudes-armeniennes-distance
  • 7. Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ

    34:00||Season 1, Ep. 7
    Հասարակագէտ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասնագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ խոր զրոյց մը՝ Եկեղեցւոյ վարչակարգին մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արեւմուտքի աշխարհականացման ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կը վերափոխուի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ են Հայաստանի պետութեան եւ Մայր Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի միջեւ եղած լարուածութիւններուն ազդեցութիւնները սփիւռքեան համայնքներուն վրայ։ Վերլուծութիւն մը՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկային եւ ապագային մասին։
  • 6. «MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը

    43:46||Season 1, Ep. 6
    Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miasin» հարթակի հիմնադիր։
  • 5. Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր

    52:49||Season 1, Ep. 5
    Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան էջերը՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս ոլորտին առնչուող անցեալի եւ արդի մարտահրաւէրները։
  • 4. Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը

    35:25||Season 1, Ep. 4
    Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։
  • 3. ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝

    42:49||Season 1, Ep. 3
    Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։ Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ