Latest episode

Ի՞նչ կ՛ըսեն ՀՕՄ-ի մասին: What do they say about ARS?
03:22|Ի՞նչ կ՛ըսեն ՀՕՄ-ի մասին: What do they say about ARS?
More episodes
View all episodes

2. ընկհ.Լալէ Մաճիկեան կը խօսի կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան մասին
15:20||Season 3, Ep. 2
1. Խորհրդածութիւններ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 35-ամեակի առթիւ
11:20||Season 3, Ep. 1
8. Interview with Lory Harboyan Speech Therapist
01:08:49||Season 2, Ep. 8ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային ՎարչութեանԵրկօրեայ ՍեմինարՅունիս 22 եւ 23, 2024 Սոնթրէալ, ՔէպէքՍեմինարի նիւթերը կը ներկայացնեն՝Տիկ. Լոռի ՀարպոյեանՀայ մանուկի լեզուական զարգացումը մեր սփիւոքի բազմալեզուիրականութեան մէջԸնկհ. Նաթալի Կէօքշէնեան“The Well Spoken Woman” գիրքը by Christine K. Jahnke "Your Guide to Looking and Sounding your Best"Աշխատանոց վարողներ՝Ընկհ.ներ Ալիք Ֆարրա Գիրէջեան եւ Յասմիկ Ծառուկեան Տոկունութիւն եւ Արիութիւն (Resilience and Grit)"Attendees will learn to navigate challenges with adaptability and perseverance, gaining tools for goal-setting and resilience"Ընկհ. Անի Հոթոյեան-ԺոլիՆերառութիւն եւ պատկանելիութիւն (Inclusion and Belonging)Արձանագրութեան եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել ՀՕՄ-ի տեղական մասնաճիղերու վարչութեանց մինչեւ Մայիս 10, 2024Սեմինարի վայրՄոնթրէալի Հայ Կեդրոն 3401 Olivar Asselin Montreal, QC.ԿեցութիւնLe St. Martin Hotel & Suites, Laval, QC.Կեցութեան սակ՝ 1 գիշեր 2 հոգի՝ $300.00 տուրքերը ներառեալ Սեմինարի մասնակցութիւն՝ $160.00 Ոչ անդամի՝ $170.00Տեղերը սահմանափակ են, արդ՝ յարգել վերոնշեալ ժամկէտը։
7. Interview with Nanor Ashna Senabian
26:04||Season 2, Ep. 7Մտերմիկ զրոյց մը Տիկ.Նանոր Աշնա Սնապեանին հետ պոլսահայ գրող Զաւէն Պիպեռեանի «Մրջիւններուն վերջալոյսը» վէպին շուրջhttps://pakine.net/archives/1312https://www.arasyayincilik.com/yazarlar/%D5%A6%D5%A1%D6%82%D5%A7%D5%B6-%D5%BA%D5%AB%D5%BA%D5%A5%D5%BC%D5%A5%D5%A1%D5%B6/
6. Մանուկի մը հոգեմտաւոր զարգացման պայմանները Բժշկհ. Այտա Ասատուրեան Աֆարեան
38:57||Season 2, Ep. 6Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ իր ներկայացումը սկսաւ ըսելով. «Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքը լոյս տեսած է Մոնթրէալի մէջ, 2023-ին, մեկենասութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Բժիշկ Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Գանատայի ՀՕՄ-ին, ինչպէս ինք կը յիշատակէ իր ներածականին մէջ՝ “Նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան եւ հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններուն եւ հայ կեանքէն ներս անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին”»:Թիթիզեան յայտնեց, թէ «Գիրքը կը բաղկանայ 213 էջերէ, կողքին նկարը կը կազմեն գիրքին մէջ տեղ գտած 56 բժշկուհիներէն տասը հատին նկարները՝ իրարու կցուած: Գիրքը կը սկսի Ժամագիրքէն բժշկութեան աղօթքով: Բովանդակութենէն ետք կայ բժիշկին գրիչով ներածականը, ապա ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան խօսքը գիրքին հրատարակութեան առթիւ: Գիրքը կը բաժնուի երկու գլուխներու. առաջինը՝ Անուանի հայ բժշկուհիներ, իսկ երկրորդը՝ Աքսորեալ հայ բժշկուհիներ: Առաջինին մէջ ներառնուած են 43 բժշկուհիներ, իսկ երկրորդին՝ 13, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ մականուններու այբբենական շարքով: Հարպոյեան կը յիշէ, թէ Այս հատորի պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է մտաւորական իր բարեկամը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան»:Գիրքի ներկայացման ընթացքին սահիկներով նկարներու ցուցադրութեամբ, Թիթիզեան ժամանակագրական կարգով անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը ուշագրաւ բժկուհիներու կենսագրականին, կարգ մը իրագործումներուն եւ անոնց տարած հայրենանպաստ ու հայանպաստ գործունէութեանց, ան յիշեց Աղուիթա իշխանուհին, առաջին Հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժ Սահակդուխտը, Ռուբինեանց տոհմին առաջին թագաւոր Լեւոն Մեծագործի դուստր Զապէլ իշխանուհին եւ Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի մէջ անոր կառուցած աշխարհի առաջին բարեգործական հիւանդանոցը, Օսմանեան կայսրութեան առաջին կին բժշկուհի Զարուհի Գաւալճեանը, յեղափոխական գործիչ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինա Օհանջանեանը, որ կատարած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի կինը՝ բժշկուհի Կատարինա Զալեանը, ազգային գործիչ Վահան Փափազեանի (Կոմս) կինը Հեղուշ Փափազեան, որուն անունով անուանակոչուած է Լեռնալիբանանի Ռաուտա շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը, Քարոլան Աբրահամեան Նաճարեանը, որ իր ամուսնոյն հետ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին նուիրած է երկու շէնք, եւ որ անոնցմէ մէկը կոչուած է տէր եւ տիկին Նաճարեաններու անունով: Ապա գիրքին երկրորդ մասէն յիշեց աքսորեալ բժշկուհիներ Հայկանդուխտ Պահլաւունին, Վահանդուխտ Կանայեանը եւ Մարօ Մուրատեանը, որոնք «Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն,- կ’ըսէ բժիշկ Հարպոյեան իր Ներածականին մէջ,- ենթարկուած են բռնադատումներու, վարկաբեկումի, ձերբակալումի, բանտարկութեան եւ աքսորի: … Դատապարտուած եւ աքսորուած բժշկուհիները «վայելած են» սիպերեան աքսորի դաժան կեանքը, ենթարկուած են հոգեկան, մարմնական եւ մտային ճնշումներու եւ ստրկութեան: Սակայն բոլորն ալ, իրենց տոկունութեամբ, Նոյի համբերութեամբ եւ հայ կնոջ վայել պատուախնդրութեամբ ու հայրենասիրական ոգիով, դիմագրաւած են աքսորի դժոխային պայմանները, պայքարած են յարատեւ, եղած են իրապաշտ եւ լաւատես ու սպասած են արդարութեան լուսաբացին: Անոնցմէ շատեր աքսորի մէջ ուսանած են, իբրեւ բժիշկ ծառայած են մարդկութեան համաձայն իրենց տուած Հիփոկրատեան ուխտին: Ազատագրուելէ եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, անոնք շարունակած են իրենց բժշկական-առողջապահական ծառայութիւնը ի սպաս դնել Հայ ժողովուրդի առողջապահութեան, հիւանդ հայ մարդուն ցաւը փարատելու եւ հիւանդ հայը բուժելու»:Սուրբ Յակոբ: Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան «Հորիզոն»
5. Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին գիրքին շնորհանդէսը
01:16:46||Season 2, Ep. 5Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրակազմի աշխատակից Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան, որ իր ներկայացումը սկսաւ ըսելով. «Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին» գիրքը լոյս տեսած է Մոնթրէալի մէջ, 2023-ին, մեկենասութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Բժիշկ Հարպոյեան գիրքը ձօնած է Գանատայի ՀՕՄ-ին, ինչպէս ինք կը յիշատակէ իր ներածականին մէջ՝ “Նկատի ունենալով, որ հատորը կը խօսի հայ իգական սեռի առաքելութեան եւ հայ բժշկուհիներու կատարած առողջապահական-բժշկական ծառայութիւններուն եւ հայ կեանքէն ներս անոնց ունեցած ազգային եւ հասարակական դերակատարութեան մասին”»:Թիթիզեան յայտնեց, թէ «Գիրքը կը բաղկանայ 213 էջերէ, կողքին նկարը կը կազմեն գիրքին մէջ տեղ գտած 56 բժշկուհիներէն տասը հատին նկարները՝ իրարու կցուած: Գիրքը կը սկսի Ժամագիրքէն բժշկութեան աղօթքով: Բովանդակութենէն ետք կայ բժիշկին գրիչով ներածականը, ապա ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան խօսքը գիրքին հրատարակութեան առթիւ: Գիրքը կը բաժնուի երկու գլուխներու. առաջինը՝ Անուանի հայ բժշկուհիներ, իսկ երկրորդը՝ Աքսորեալ հայ բժշկուհիներ: Առաջինին մէջ ներառնուած են 43 բժշկուհիներ, իսկ երկրորդին՝ 13, որոնք տեղ գտած են գիրքին մէջ մականուններու այբբենական շարքով: Հարպոյեան կը յիշէ, թէ Այս հատորի պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է մտաւորական իր բարեկամը՝ Սարգիս Մահսէրէճեան»:Գիրքի ներկայացման ընթացքին սահիկներով նկարներու ցուցադրութեամբ, Թիթիզեան ժամանակագրական կարգով անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը ուշագրաւ բժկուհիներու կենսագրականին, կարգ մը իրագործումներուն եւ անոնց տարած հայրենանպաստ ու հայանպաստ գործունէութեանց, ան յիշեց Աղուիթա իշխանուհին, առաջին Հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժ Սահակդուխտը, Ռուբինեանց տոհմին առաջին թագաւոր Լեւոն Մեծագործի դուստր Զապէլ իշխանուհին եւ Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի մէջ անոր կառուցած աշխարհի առաջին բարեգործական հիւանդանոցը, Օսմանեան կայսրութեան առաջին կին բժշկուհի Զարուհի Գաւալճեանը, յեղափոխական գործիչ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինա Օհանջանեանը, որ կատարած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի մահափորձը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար Արամ Մանուկեանի կինը՝ բժշկուհի Կատարինա Զալեանը, ազգային գործիչ Վահան Փափազեանի (Կոմս) կինը Հեղուշ Փափազեան, որուն անունով անուանակոչուած է Լեռնալիբանանի Ռաուտա շրջանի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղը, Քարոլան Աբրահամեան Նաճարեանը, որ իր ամուսնոյն հետ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին նուիրած է երկու շէնք, եւ որ անոնցմէ մէկը կոչուած է տէր եւ տիկին Նաճարեաններու անունով: Ապա գիրքին երկրորդ մասէն յիշեց աքսորեալ բժշկուհիներ Հայկանդուխտ Պահլաւունին, Վահանդուխտ Կանայեանը եւ Մարօ Մուրատեանը, որոնք «Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն,- կ’ըսէ բժիշկ Հարպոյեան իր Ներածականին մէջ,- ենթարկուած են բռնադատումներու, վարկաբեկումի, ձերբակալումի, բանտարկութեան եւ աքսորի: … Դատապարտուած եւ աքսորուած բժշկուհիները «վայելած են» սիպերեան աքսորի դաժան կեանքը, ենթարկուած են հոգեկան, մարմնական եւ մտային ճնշումներու եւ ստրկութեան: Սակայն բոլորն ալ, իրենց տոկունութեամբ, Նոյի համբերութեամբ եւ հայ կնոջ վայել պատուախնդրութեամբ ու հայրենասիրական ոգիով, դիմագրաւած են աքսորի դժոխային պայմանները, պայքարած են յարատեւ, եղած են իրապաշտ եւ լաւատես ու սպասած են արդարութեան լուսաբացին: Անոնցմէ շատեր աքսորի մէջ ուսանած են, իբրեւ բժիշկ ծառայած են մարդկութեան համաձայն իրենց տուած Հիփոկրատեան ուխտին: Ազատագրուելէ եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, անոնք շարունակած են իրենց բժշկական-առողջապահական ծառայութիւնը ի սպաս դնել Հայ ժողովուրդի առողջապահութեան, հիւանդ հայ մարդուն ցաւը փարատելու եւ հիւանդ հայը բուժելու»:Սուրբ Յակոբ: Աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան «Հորիզոն»